image

Բանտի գրաւում եւ .. բանտարկեալներու ազատ արձակում

Բանտի գրաւում եւ .. բանտարկեալներու ազատ արձակում

Աֆղանիստանի մէջ գործունէութիւն իրականացնող ծայրայեղական «Թալեպան» շարժման ներկայացուցիչ Զապիուլլա Մուճահետը յայտարարած է աֆղանական Քանտահար քաղաքի կեդրոնական բանտը գրաւելու մասին: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:

Թալեպներու խօսքով՝ հարիւրաւոր բանտարկեալներ ազատ արձակուած են, իսկ բանտի աշխատակիցները յանձնուած են իրենց:

Վերջին շրջանին թալեպները մեծ յաջողութիւններ գրանցած են Աֆղանիստանի մէջ՝ գրաւելով գիւղատնտեսական նշանակութեան տարածքներ, յարձակելով խոշոր քաղաքներու վրայ:

 

Վերջին լարումները տեղի կ'ունենան Աֆղանիստանէն ամերիկեան զինուած ուժերու դուրս բերման ֆոնին: