image
Հրատապ լուրեր:

Բանակցային փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին ԵԱՀԿ ՄԽ լուծարումէն ետք․ Փաշինեան

Բանակցային փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին ԵԱՀԿ ՄԽ լուծարումէն ետք․ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պարզաբանած է, թէ ինչու որոշած է Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի փաստաթուղթերը հրապարակել տարեվերջին, այլ ոչ՝ հիմա։

«Ենթադրւում է, որ մինչեւ տարուայ վերջ դե իւրէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը կը լուծարուի եւ այդտեղ այդ բարոյական եւ քաղաքական արգելքը կը վերանայ, այսինքն այդ սուբյեկտը չի լինի եւ մենք ազատ կը լինենք այդ թղթերը հրապարակել։ Կը հրապարակուեն 2016-ի ապրիլի, յունիս, յուլիս, օգոստոսի առաջարկութիւնները եւ կ՚իմանաք ինչ է բանակցուել»,- Ազգային Ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Փաշինեանը։

Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ստորագրած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը լուծարելու մասին դիմում։

Նիկոլ Փաշինեանը փաստաթուղթերու հրապարակման մասին առաջին անգամ յայտարարած էր՝ անդրադառնալով Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի վերջին օրերուն տուած հարցազրոյցներուն:

Վարչապետը պնդած է, որ բանակցային բոլոր գործընթացներն ու առաջարկները եղած են «թոկը կարճացնելու մասին (короткий поводок)»՝ աւելցնելով, որ մինչեւ տարեվերջ բանակցային բոլոր թուղթերը պիտի հրապարակուին, եւ այդ «աւելի տեսանելի կը դառնայ»։ Նոյն տրամաբանութեամբ, ըստ Փաշինեանի, ««Պատերազմը կանգնեցնելու» բոլոր առաջարկները եղել են թոկը կարճացնելու մասին»։