Ազգային ժողովի մէջ ծեծկռտուք տեղի չէ ունեցած, բախում տեղի ունեցած է, հրմշտոցներ եղած են։ Այս մասին 25 Օգոստոսին, ԱԺ միջանցքին մէջ լրագրողներուն ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը։
Հարցին՝ արդեօք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկա՞յ էր այդ միջադէպին, Սէյրան Օհանեանն ըսած է. «Ես չեմ տեսել վարչապետին, որովհետեւ ակնոցներս ջարդուեց, հիմա չեմ տեսնում։ Ակնոցս ընկել է ոտքիս տակ»։
Յիշեցնենք, որ 25 Օգոստոսին Ազգային ժողովի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանը, որու ելոյթի ժամանակ ընդդիմադիրներն ու իշխանական պատգամաւորները իրար ուղղութեամբ շիշեր նետած են։ Այդ ընթացքին ուղիղ միացումը նիստերու դահլիճէն աւարտեցաւ ու ընդմիջում յայտարարուեցաւ։ Պատգամաւորները ընդմիջման ընթացքին չհանդարտեցան եւ կրկին մօտ մէկ ժամ ընդմիջում յայտարարուեցաւ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ