image
Հրատապ լուրեր:

Ազգային Ժողովի յանձնաժողովէն ներս մէկ անգամ նոյնիսկ Արցախ բառը չունենալը թուլութիւն է. Աղուան Վարդանեան

Ազգային Ժողովի յանձնաժողովէն ներս մէկ անգամ նոյնիսկ Արցախ բառը չունենալը թուլութիւն է. Աղուան Վարդանեան

«Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններն առաջարկած էին ձեւաւորել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով, որ մերժուեցաւ: Այս մասին ԱԺ պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը՝ կրկին առաջարկելով ստեղծել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով:

«ԱԺ 12 յանձնաժողովների գործառոյթների մէջ որեւէ բառ չկայ Արցախի Հանրապետութեան մասին: Առաջարկներ եղան, թէ պէտք չէ յանձնաժողով ստեղծել, կարելի է արտաքին հարցերի յանձնաժողովը վերանուանել արտաքին յարաբերութիւնների եւ Արցախի հարցերի յանձնաժողով: Ես կարծում եմ, որ յատկապէս այս փուլում, երբ ընթանում են տարբեր գործընթացներ Արցախի, Հայաստանի շուրջ, մենք՝ իբրեւ խորհրդարանական երկիր, պէտք է կարողանանք մեր մշտական յանձնաժողովներում Արցախին առնչուող հարցերը ներառել»,-ըսած է Վարդանեանը՝ նշելով, թէ յանձնաժողովի ստեղծումը կը նշանակէ յարաբերութիւններու նոր մակարդակի բարձրացում:

«Բոլոր նախորդ կառավարութիւնների գործունէութեան մէջ Արցախի հարցն առանձնայատուկ կարեւորուած է եղել, առանձնայատուկ ուղղութիւն է եղել, եւ մեր արտաքին քաղաքականութեան 70-80 տոկոսն առնչուել է Արցախի խնդրի կարգաւորմանը: Լինել խորհրդարանական երկիր, արտաքին քաղականութեան մէջ ունենալ այսպիսի վիթխարի՝ դեռեւս չլուծուած հարց, օրակարգ, եւ ԱԺ յանձնաժողովի գործառոյթներում մէկ բառ իսկ չունենալ այդ վիթխարի հարցի վերաբերեալ ուղղակի անոմալիա է: Դա թուլութեան, վախի, ինքնիշխանութեան պակասի ազդակ կը լինի արտաքին աշխարհին»,-ըսած է Աղուան Վարդանեանը:

ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանն արձագանգած է՝ ՀՀ կառավարութեան ծրագրին մէջ կան Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորման, կարգավիճակի յստակեցման եւ այլնին վերաբերող հարցեր:

«Եթէ մենք ուզում ենք իրօք զբաղուել այս հարցով, ուզում ենք օգտակար լինել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի հաստատմանը, եթէ դուք՝ որպէս ընդդիմութիւն, ուզում էք առաւել ակտիւ (աշխոյժ) պահել Կառավարութեանն այս հարցի շրջանակում, ընտրել էք սխալ գործիքակազմ: Այս նախագիծն ուղղուած չէ դէպի ապագայ, ուղղուած չէ Արցախում այսօր ու վաղը առնչուող խնդիրներին, առաւելապէս վերաբերում է անցեալին»,-ըսած է իշխանական պատգամաւորը՝ աւելցնելով, թէ այդ նախագիծը որեւէ ձեւով չի մօտեցներ Արցախի հարցի հայանպաստ լուծումներուն:

«Այն չի էլ վատթարացնում իրավիճակը, որեւէ բան չի փոխում։ Ձեր նախագիծը, բացի ներպետական սպառումից, որեւիցէ հարց չի կարգաւորում»,-ըսած է Վարդանեանը։