image

Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանէն նոր նեցուկ. Հովանաւորութիւն՝ «Ճինիշեան ձեռնարկ»ի պարմանուհիներու ծրագրին

Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանէն նոր նեցուկ. Հովանաւորութիւն՝ «Ճինիշեան ձեռնարկ»ի պարմանուհիներու ծրագրին

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի հայ պարմանուհիներու ընկերային բարօրութեան յատկացուած ծրագիրը պիտի շարունակուի` 2024-2025 տարեշրջանին համար: 2005 թուականէն ի վեր գործող ծրագիրը այս տարի կը ստանայ նոր թափ ու խորք՝ ծրագիրի ֆինանսաւորման իր մասնակցութիւնը կը բերէ անզուգական բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանը, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր առատաձեռնօրէն կը հոգայ լիբանանահայութեան բազմաթիւ կարիքները:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը ուրախութեամբ կը յայտարարէ հայ պարմանուհիներու ընկերային բարօրութեան յատկացուած իր ծրագիրին շարունակութիւնը` 2024-2025 տարեշրջանին համար: Այս նախաձեռնութիւնը, որ կը գործէ 2005 թուականէն ի վեր, կը միտի գործնականօրէն վերափոխելու Լիբանանի մէջ ընկերային հարցեր դիմագրաւող պարմանուհիներու կեանքը: Մինչեւ օրս 190 հայ պարմանուհիներ մաս կազմած են սոյն ծրագրին:

Այս տարի ծրագիրի ֆինանսաւորման իր մասնակցութիւնը կը բերէ անզուգական բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանը, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր առատաձեռնօրէն կը հոգայ լիբանանահայութեան բազմաթիւ կարիքները: Այս բարերարութեամբ պարմանուհիներու ծրագիրը կը ստանայ նոր թափ ու խորք:

Ծրագիրը, գործակցութեամբ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, կ՛առաջադրէ վարժողական մասնագիտական ուսում ջամբել մեր պարմանուհիներուն, ինչպէս` երեխաներու խնամք, զբօսաշրջային-հիւրընկալական տնտեսավարութիւն եւ հաշուապահութիւն:  Այս տարի 38 պարմանուհի եւ 2 պատանի միացած են 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի դասընթացքներուն: «Ճինիշեան»-ի այս ծրագրին հետեւողները կ՛առաջնորդուին մինչեւ թեքնիք պաքալորէա:

Մասնագիտական դասընթացքներու կողքին, «Ճինիշեան»-ը հաստատած է նաեւ պատանեկան ակումբի դրութիւն մը: Հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ կայացող շաբաթական ծրագրուած հանդիպումներով ու ընկերային ծառայողներու եւ հոգեբաններու հետ հոգեընկերային անհատականացուած աջակցութեան միջոցով մեր պատանիները ձեռք կը բերեն տոկունութիւն, զգացական իմաստութիւն եւ կը լիցքաւորուին ա՛յն յոյսով, որ կրնա՛ն յաղթահարել խոչընդոտները եւ ձգտիլ աւելի լաւ ապագայի:

Այս ծրագրի յաջողութեան լաւագոյն գրաւականը կը հանդիսանան շրջանաւարտներուն ձեռքբերումները, որոնցմէ շատեր այժմ յարգուած պաշտօններ կը գրաւեն անձնական թէ հաւաքական կեանքի մէջ: Այս ձեռքբերումը կը հանդիսանայ լաւագոյն վկան «Ճինիշեան» հաստատութեան յանձնառութեան` հզօրացնելու Լիբանանի երիտասարդութիւնը` ցանելով յոյս եւ քաղելով տոկունութիւն:

Պարմանուհիներու ծրագրին եւ պատանիներու ակումբին գործունէութեան գլխաւոր առաջադրանքները.

– Կրթութիւն եւ կամքի տոկունութիւն. Շաբաթական հանդիպումներով երիտասարդ մասնակիցները կը զինուին կեանքի հմտութիւններով եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու գաղտնիքներով:

– Հոգեընկերային աջակցութիւն, որուն կը հրաւիրուին նաեւ ծնողները:

– Սեմինարներ եւ ամառնային ճամբար: Սեմինարները կ՛ընդգրկեն ընկերային եւ հոգեբանական նիւթեր: Ամառնային ճամբարը, որ կը ղեկավարուի մասնագէտ մանկավարժներու կողմէ, մասնակիցներուն կը փոխանցէ համապարփակ փորձառութիւն մը` հարստացած հոգեւոր սնունդով, ինքնահասունացման սեմինարներով եւ ընկերներու հետ մտերմութեան քննարկումներով:

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղենք բոլոր այն հաստատութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ զօրավիգ կանգնած են ու կը շարունակեն օժանդակութեան ձեռք երկարել լիբանանահայ պարմանուհիներու զարգացման այս ծրագիրի տարբեր փուլերու իրականացման։

Յատուկ շնորհակալութիւն` Ալեքքօ Պէզիքեանին, որ յանձն առաւ պարմանուհիներու կրթական ծախսերը, որոնք էական էին այս ծրագիրին յարատեւութեան` երաշխաւորելով «Ճինիշեան»-ի առաքելութիւնը, որ առաջնահերթութիւն կու տայ մարդակերտումին` ի խնդիր տոկուն անհատականութեամբ օժտուած եւ յոյսով տոգորուած լիբանանահայ երիտասարդներու կերտումին: