image

«Ազդակ»էն ակնարկ. Անգարա-Դամասկոս մերձեցում. Մահապատիժէն մինչեւ վառելանիւթ

«Ազդակ»էն ակնարկ. Անգարա-Դամասկոս մերձեցում. Մահապատիժէն մինչեւ վառելանիւթ

Բրիտանացի-իրանցի Ալիրեզա Աքպարիի մահապատիժի գործադրութեան դիմաց դատապարտանքի ալիքը համընդհանուր է: Առաջին հայեացքով, նման արարք մը Թեհրանի կողմէ պիտի նկատուէր սադրանք կամ գրգռութիւն, ուղղուած միջազգային հանրութեան եւ բնականաբար ստուեր պիտի ձգէր Իրան-միջազգային ընտանիք բանակցութիւններու գործընթացին վրայ:

Դատապարտանքը ճիշդ է, որ ընդհանուր է, սակայն Վիեննայի բանակցութիւնները առկախելու կամ ընդհանրապէս կասեցնելու ո՛չ միայն որոշում չկայ, այլ նաեւ պաշտօնական յայտարարութիւնները այդ ուղղութեամբ ժլատ են: Այդ մասին ակնարկութիւն կատարած է միայն Մեծն Բրիտանիան, այն ալ առ ի դատապարտում իր քաղաքացիին մահապատժուելուն:

Այս կը նշանակէ, որ միջազգային ընտանիքը, այս պարագային յատկապէս Միացեալ Նահանգները, Թեհրանի մէջ կը շարունակեն տեսնել համագործակցութեան ենթահող: Այս մասին անշուշտ պաշտօնապէս չի յայտարարուիր, սակայն իրադարձութիւնները այս վարկածի հաւանականութեան մասին կը յուշեն:

Հիմա աշխարհը կեդրոնացած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելով, Ռուսիան տնտեսապէս մեկուսացնելով: Ասոր զուգահեռ Վիեննայի բանակցութիւնները կը շարունակուին ոչ անպայման բեկումնային արդիւնքներ արձանագրելով, այդուհանդերձ  աշխարհաքաղաքական ընդհանուր միտումը նկատելով Իրանին որոշ հեռանկարներ պարզելով: Որքան սաստկանայ միջազգային հանրութիւն-Ռուսիա յարաբերութիւններու լարուածութիւնը, այնքան դրական շեշտ կը տրուի Իրանի հետ բանակցութիւններուն:

Լուսարձակը բանանք միջինարեւելեան տարածաշրջանին վրայ եւ մանրադիտակի տակ առնենք Իրանի դիւանագիտութեան առաջին դէմքին այցելութիւնը Սուրիա եւ Լիբանան: Դամասկոս-Անգարա մերձեցման ենթահողի վրայ է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարութիւններ կը կատարէ, եւ որուն իբրեւ արձագանգ կը յստականայ այցելութեան առանցքային բաժինը: Պաշտօնական Դամասկոսը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Իրանին` Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարեփոխումներու ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերուն համար:

Սուրիական տարածքներու վրայ բռնկած պատերազմին Իրանն ու Թուրքիան հակադիր խրամատներու մէջ էին: Իրանը հանդէս կու գար սուրիական կառավարական ուժերու պաշտպանութեամբ, մինչ Թուրքիան նախ միջնորդաւորուած, ապա ուղղակի կը պատերազմէր սուրիական կառավարական ուժերուն եւ յատկապէս քրտական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ:

Հիմա զինադուլ է ընդհանրապէս, սակայն թէ՛ իրանեան եւ թէ՛ թրքական  զօրքեր Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն են: Ընդհանուր համաձայնութիւնը չէ կայացած տակաւին, եւ այնքան մօտալուտ չի թուիր ոչ սուրիական ուժերու հեռացումը սուրիական տարածքներէն: Պարզ է, որ հիմնականին մէջ ռուսական միջնորդութեամբ է, որ կը ձեւաւորուի Անգարա-Դամասկոս մերձեցման ենթահողը: Նոր ուրուագծուող գործընթացներուն մէջ Իրան իր տեղն ու ներկայութիւնը ապահովելու քայլերն է, որ կ՛առնէ գլխաւոր խաղցողներուն առընթեր:

Անցնինք Լիբանան եւ նկատենք, որ Իրան իր ներկայութեան ամրապնդման քայլեր առնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Պէյրութէն: Հիմնական քաղաքական հարցերու հանգուցալուծման համար նպաստելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնելէ ետք, Ապտոլլահեան հաստատեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները եւ երկխօսութիւնը, որոնք կրնան յանգիլ երկու երկիրներու հարցերուն լուծման: Փաստօրէն այս նիւթը առկայ է նաեւ Պէյրութի մէջ, ինչ որ կ՛ուղենշէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին տարածաշրջան այցելութեան առանցքային շարժառիթը:

Պէյրութեան յայտարարութիւններու մնացեալ բաժինը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ իրանեան դերի ամրապնդման` լիբանանեան քաղաքական հրապարակին մէջ արձանագրուած մեծապետական լայնածիր թափանցումներուն լոյսին տակ:

Փորձաքարային երեւոյթ կայ Լիբանանի մէջ: Թեհրան պատրաստ է վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան հայթայթող պետութիւն դառնալ Լիբանանի համար: Եթէ նման  հոսքեր արտօնուին Թեհրանին, ապա կը պարզաբանուի նաեւ բրիտանացի-իրանցի երկքաղաքացիին նկատմամբ գործադրուած մահապատիժին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած համեմատական «կրաւորականութիւնը»:

 

«Ա.»