Այս պահուն Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը հնարաւոր չէ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Էրտողանի ներկայացուցիչ՝ Իպրահիմ Քալըն։
«Այս պահուն նման նախադրեալներ չկան»,-ըսած է ան։