image

Այնճարի մէջ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի յիշատակի միջոցառում

Այնճարի մէջ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի յիշատակի միջոցառում

Օրերս, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով, որուն յաջորդած է յիշատակի նշում, որու ընթացքին տոքթ. Վազգէնը ներկայացուած է «Մեծ հայը եւ մեծ բժիշկը» վերնագիրի տակ:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մուսալեռ-Այնճար դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2024-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով:

Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով յիշատակի նշում:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց  տոքթ. Վազգէնը` «Մեծ հայը եւ մեծ բժիշկը» վերնագիրի տակ: Ան դիտել տուաւ, որ իմաստուն, հանդարտ, համակրելի, համեստ եւ անկեղծ նկարագիրով բժիշկը ազնուական հայու տպաւորութիւն ձգած էր իր վրայ, երբ 80-ական թուականներու կիսուն օրուան Ազգային վարժարանի տնօրէնին հետ հանդիպում ունեցած են տոքթորին հետ` անոր կարծիքը առնելու համար վարժարանի «Մուսա Լեռ» տարեգիրքի բացառիկ մը հրատարակելու` նուիրուած իր հօր, մուսալեռցի մեծ ղեկավար եւ Այնճարի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեանին:

Հաւաթեան պատմեց, որ օրին Վ. Տէր Գալուստեան գնահատեց առաջարկը, սակայն դիտել տուաւ, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի մասին հատոր կրնայ հրատարակել կուսակցութեան Բիւրոն, որովհետեւ ինք այդ ծիրին մէջ գործած ղեկավար էր: Թէեւ «Մուսա Լեռ» խմբակը հրաժարեցաւ այդ ծրագիրէն, սակայն օրին տնօրէնը դիմեց Մովսէս Տէր Գալուստեանը ճանչցող եւ անոր հետ գործակցած հայորդիներու` խնդրելով, որ գրեն գիւղի հիմնադիր հանդիսացողին մասին: Այդ գրութիւնները հետագային գլխաւոր սիւները հանդիսացան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի հրատարակութեամբ` «Մովսէս Տէր Գալուստեան» հատորին, զոր խմբագրեց մուսալեռցի գրող եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանը:

Ե. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Վ. Տէր Գալուստեան Այնճարի կոմիտէէն ակնկալութիւն ունէր, որ անպայման պահանջէր իր հայրը թաղել Այնճարի մէջ, ոչ` Պէյրութի: Սակայն օրին իրականութիւն չդարձած անոր փափաքը կարելի եղաւ կատարել 1995-ին, երբ Մուսա Լերան հերոսամարտի 80- ամեակին առթիւ Այնճարի մէջ կառուցուեցաւ Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրը եւ անոր կողքին կանգնեցաւ ազգային հերոս Մովսէս Տէր Գալուստեանի  կիսանդրին, եւ 1998-ին հոն ամփոփուեցան  անոր եւ կնոջ աճիւնները:

Եսայի Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Վազգէն Տէր Գալուստեանը եղաւ Այնճարի 60-ամեակի, Մուսա Լերան հերոսամարտի 90, 95 եւ 100-ամեակներու պատուոյ նախագահը` միշտ յիշելով, որ Այնճարի հիմնադիրներէն եղած է իր հայրը: Բոլոր ծրագիրներուն մասին միշտ իր կարծիքը նկատի առնուած է, իր թելադրութիւնները եղած են տեղին:

Ան Մեծ մարդ էր, ազնիւ, խոնարհ,ծառայասէր, հետեւողական, բծախնդիր եւ հեռատես: Մեծ հայ` մշակութասէր, աշխատասէր եւ հայրէնասէր: Համազգայինի գործունէութեան մէջ դերակատար դարձած էր երկար տարիներ եւ` Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին կողմէ շքանշանակիր դարձած: Մեծ բժիշկ էր` փնտռուած Լիբանանի, ապա Քանատայի մէջ, մեծ յարգանք կը վայելէր բժշկական շրջանակներու մէջ:

Իր խօսքը եզրափակելով, Հաւաթեան` յանուն Այնճարի հայութեան, քաղաքապետութեան, երեք համայնքներուն եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, ցաւակցութիւն յայտնեց  Վազգէն Տէր Գալուստեանի կողակիցին, երկու դուստրերուն` յիշելով, որ բժիշկին յիշատակը լուսաւոր է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ յաւերժ:

Ապա խօսքը առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Վ. Տէր Գալուստեանին կենսագրականը:

Ան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք յիշատակին շուրջ մարդու մը, որուն ապրած ուղին բազմաթիւ մտորումներու առիթ կու տայ մեզի: Ապրիլ կեանք մը ամբողջ` միշտ գիտակցելով, որ շառաւիղն ես մեծութեան մը, որուն անանձնական կեանքի ամբողջ ընթացքը` սկիզբ առած Մուսա Լերան բարձունքներէն, հասնելով վրանաբնակ Այնճար, այնուհետեւ` Լիբանանի խորհրդարան, կուսակցական գերագոյն մարմիններ, ազգային կեանքի տաք ու պաղ ելեւէջներ ու այդ բոլորով նշաձող հաստատող խորհրդանիշ` ազգային ինքնութեան ու ծառայութեան:

«Անտիոքի ծնունդ էր ան: 1939-ին, երբ դեռ երկու տարեկան էր, ծնողներուն եւ հայրենակիցներուն հետ տարագրուեցաւ Լիբանան: Պէյրութի մէջ դարձաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի արժանաւոր սաներէն մէկը: Ճեմարանի մէջ թրծուեցաւ Սիմոն Վրացեանի, Կոմսի եւ այլ մեծութիւններու շունչին տակ: Ճեմարան աւարտելէ ետք, այն օրերուն, երբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանն ու հիւանդանոցը ունէր մեծաթիւ ու մեծանուն հայ ուսանողներ ու բժիշկներ, Վազգէն Տէր Գալուստեան հոն եւս եղաւ ուշագրաւ եւ յառաջադէմ ուսանող ու շրջանաւարտ` մասնագիտութիւն ձեռք բերելով մանկաբուժութեան ու ծինաբանութեան մէջ: Բժշկագիտական իր հմտութիւնները կատարելագործեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի Հարուըրտ համալսարանի  (մանուկներու հիւանդանոցի) բժշկութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւՊալթիմոր քաղաքի Ճոն Հոփքինզ  համալսարանին մէջ:

«Շուրջ 15 տարիներ պաշտօնավարեց Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ` ըլլալով տեղւոյն ամէնէն անուանի մանկաբուժներէն, ինչպէս նաեւ` համալսարանի ակնառու դասախօսներէն մին: Ամերիկեան համալսարանին մէջ հիմնադիր տնօրէնը եղաւ Մարդկային ծինաբանութեան ազգային միաւորին: Աւելի ուշ, ընտանեօք փոխադրուելով Մոնրէալ, իբրեւ մանկաբուժ եւ ծինաբան, ի շարս իր այլ յանձնառութիւններուն, մնայուն թէ այցելու կերպով դասաւանդեց Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանին մէջ, ուր վարիչ-տնօրէն  եղաւ անոր Մոնրէալի մանուկներու հիւանդանոցի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ` նոյն  համալսարանի բժշկական ծինաբանութեան վարժողական յայտագիրին»:

Զաքար Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ Վազգէն Տէր Գալուստեան ունի նաեւ գրական աւանդ. արդարեւ, համահեղինակն է երեք մասնագիտական հատորներու` Genetic diseases of the skin (1979), The kidney in genetic disease (1986) եւ Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat, (1997): Ան առանձնաբար կամ համահեղինակութեամբ հրատարակեց  նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` զանազան թերթերու, հատորներու կամ տեղեկագիրներու մէջ: Վ. Տէր Գալուստեան դասախօսեց միջազգային բժշկական բազմաթիւ համագումարներու, մաս կազմեց մասնագիտական զանազան միջազգային մարմիններու, որոնց կարգին նաեւ` ՄԱԿ-ի բժշկական կազմակերպութեան յանձնախումբերու: Արժանացաւ մեծ թիւով բժշկական շքանշաններու, մրցանակներու եւ մեծարումներու, նաեւ` ՄքԿիլ համալսարանի «Պատուոյ փրոֆեսէօր» տիտղոսին:

Բանախօսը շեշտեց, որ մասնագիտական արդէն իսկ յագեցած իր առօրեան չխոչընդոտեց Վազգէն Տէր Գալուստեանին այս բոլորին կողքին բուռն մասնակցութիւն բերելու մեր հաւաքական կեանքին: Արդարեւ, 18 տարեկանէն անդամագրուեցաւ ՀՅԴ շարքերուն ու գիտակցական ամբողջ կեանքը ի սպաս դրաւ Դաշնակցութեան ու անոր ուղեկից միութիւններէն Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան աշխատանքներուն` բազմիցս մաս կազմելով տարբեր կեդրոնական վարչութիւններու կազմերու, շրջան մը նոյնիսկ վարելով անոր ատենապետութիւնը:

«Համազգայինի մէջ անոր տարած գործունէութեան զուգահեռ, ծառայեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան մէջ: Պատահական չէ, որ իր երկարատեւ ծառայութեանց շնորհիւ` արժանացաւ Համազգայինի շքանշանին եւ կաթողիկոսութեան «Իշխան» շքանշանին:           Իր սերնդակիցներուն վկայութեամբ, տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եղած է օրինակելի ժողովական, որուն միտքն ու խօսքը կշիռ ունեցած են կարեւոր խնդիրներու բարւոք լուծման համար: Հանդարտաբարոյ, խաղաղաշունչ ու խոհուն իր կերպարով ան օրինակելի առաջնորդի մը, նուիրեալ գիտնականի ու մարդու կերպարի մարմնացում մը եղաւ, որուն տեսակը օրըստօրէ կը պակսի մեր հաւաքական կեանքին մէջ», ըսաւ բանախօսը:

Զաքար Քէշիշեան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ Վ. Տէր Գալուստեան խանդավառ էր Համազգայինի Լիբանանի Գեղարուեստի դպրոցներու ու ստեղծագործական խումբերու արձանագրած յաջողութիւններով, Ճեմարանի ու «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործունէութեամբ: «Ան տագնապ ունէր իր հայրենիքին ու սփիւռքի ապագային նկատմամբ,  սակայն այդ տագնապը ապրեցաւ առանց կորսնցնելու իր լաւատեսութիւնը, զգօնութիւնն ու պայծառամտութիւնը», ըսաւ ան:

Աւարտելով իր խօսքը` Քէշիշեան ըսաւ.               « Վազգէն Տէր Գալուստեանի կորուստը բաց մը կը յառաջացնէ մեր ազգային կեանքին մէջ, սակայն ան մեզի համար կը մնայ իբրեւ վառ օրինակ` գործը անմնացորդ նուիրումով շարունակելու, զարգացնելու եւ արդիւնաւորելու»: Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան`  Զաքարը սգաց նման անձնաւորութեան մը կորուստը ու ցաւակցեցաւ անոր կնոջ, դուստրերուն, հարազատներուն ու բոլոր հայրենակիցներուն:

Յիշատակի նշումը փակուեցաւ Պեքայի հոգեւոր հովիւ Հայր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի «Պահպանիչ»-ով: