«Արեւելք»(Երեւան) Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մուսալեռցի մեր հայրենակցուհիներէն՝ Մատլէն Խանճեան-Թասլաքեանը։
Ասոր մասին «Արեւելք» կարդաց «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալին մասին հրապարակուած մահազդը։
Տէր եւ Տիկին Ճինա եւ Յարութ Չաթմաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալին Թասլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ.Յաբէթ եւ Լենա Թասլաքեան եւ զաւակունք
Տիկ. Լենա Սարգիս եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ.Ռաֆֆի եւ Ռիթա Տէր Արթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Համբիկ եւ Շանթալ Յովսէփեան
Տէր եւ Տիկ. Վաչէ եւ Գարմէն Սիմոնեան
Թասլաքեան,Խանճեան, Սարգիս, Տէր Արթինեան, Չաթմաճեան, Շատարեւեան, Յովսէփեան, Սիմոնեան, Հէքիմեան,Ֆարրա, Քելեկեան,Աղիկեան, Սեֆիլեան, Պօղոսեան, կիւլեան, Գարդունեան, Քէշիշեան , Թաշճեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ,
Կը գուժեն իրենց,Մօր,մեծ մօր ,քրոջ եւ հարազատին` Մատլէն Խանճեան Թասլաքեան (ծնեալ 1950) մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի 15 Յուլիս 2024-ին,Երեւանի մէջ։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի,17 Յուլիս 2024-ին , կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին հայ կաթողիկէ «Ս.Գրիգոր Նարեկ» ֊Երեւան։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին թաղման արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ սրահէն ներս առաւօտեան 10։00 էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00 .
Կիրակի 21 Յուլիս 2024֊ին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի
Այնճարի հայ կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հանգուցեալին բնակարանին մէջ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն