image
Հրատապ լուրեր:

Այնճար. «Երիտասրդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագրի երկրորդ բանավէճը

Այնճար. «Երիտասրդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագրի երկրորդ բանավէճը

Այնճարի Յառաջ Կիւլպէնկեան Վարժարանին մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Ճինիշեան Հիմնարկի կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» ծրագրի 2025–2026 տարեշրջանի երկրորդ հանրային բանավէճը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագրի 2025-2026 տարեշրջանի երկրորդ հանրային բանավէճը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 փետրուար 2026-ին, Այնճարի Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանին, տեղւոյն պատկան մարմիններու պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու:

Ձեռնարկը սկսաւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընկերային ծառայող եւ ծրագիրի համակարգող Ծովակ Քէօշկէրեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան ներկայացուց բանավէճի նախագիծի նպատակները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու հիւրընկալ վարժարանին:

Ապա Մանուէլ Թոքմաքճեան ներկայացուց բանավէճի կանոններն ու ընթացակարգը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան երկու հանրային բանավէճեր հետեւեալ նիւթերով.

Ա.-  «Համաշխարհայնացումը ժխտական ազդեցութիւն ունի երկիրներու մշակոյթի պահպանման վրայ»

Թեր` Կայէլ Աբանեան (Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), Քրիսթել Գազանճեան (Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), Լոռի Ճապրայեան (Յ. Կիւլպէնկեան վարժարան)

Դէմ` Նաթալի Պասամպագեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան), Նարեկ Տէր Սարգիսեան (Ազգ. Միացեալ Վարժարան), Նարեկ Դերձակեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

Բ.- «Օտար ամուսնութիւնը կը վտանգէ հայապահպանումն ու հայեցի դաստիարակութիւնը»

Թեր` Գրիգոր Խաչիկեան (Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան), Սինթիա Կոնսդանթին (Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան), Աննա-Մարիա Խաճի (Հայ աւետարանական կեդր. բարձ. վարժարան)

Դէմ` Էլենա Պու Ռժէյլի (Հայ աւետարանական երկր. վարժարան- Այնճար), Սուզան Պերեճիքեան (Հայ աւետարանական երկր. վարժարան-Այնճար), Յովիկ Փոլատեան (Հայ աւետարանական երկր. վարժարան-Այնճար):

Բանավէճերը արժեւորեց դատական կազմը` Լուիզա Պապոյեան, մեթր Լորա Մերթխանեան եւ  Ռաքէլ Քէչէճեան, որոնք փոխանցեցին իրենց գնահատականներն ու կառուցողական թելադրանքները:

Բանավէճին առցանց հետեւեցան` Հայաստանի Հանրապետութեան «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագիրի պատասխանատու  Ռուբէն Գրիքեանն ու Անժելա Ամպրոյեանը:

Բանավէճի ծրագիրի ընթացքին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին Հայաստանի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի բաժնին եւ ընդգծեց իրականացուող լուրջ ու հետեւողական աշխատանքը` յոյս յայտնելով յառաջիկային այլ ծրագիրներու շուրջ եւս համախմբուելու:

Ապա հիմնարկի Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր գնահատանքը յայտնեց մասնակից աշակերտներուն եւ համագործակցող վարժարաններուն` շեշտելով ծրագիրի կարեւոր դերը երիտասարդներու մտածողութեան եւ հասարակական ներգրաւուածութեան ձեւաւորման մէջ:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի հայկական դպրոցներու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցիչներուն` ծրագիրին ջերմ հիւրընկալութեան, համագործակցութեան, աշակերտներու ներառման եւ հայ ոգիի պահպանման ու փոխանցման համար` ընդգծելով, որ այս բոլորը իրականացուեցան նոյնիսկ առկայ դժուար պայմաններուն մէջ:

«Ճինիշեան»-ի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց` նշելով, որ բանավէճի նախագիծը վերջին տարիներու ամէնէն մեծ ձեռքբերումներէն մէկն է:

Ան նաեւ շեշտեց իր հպարտութիւնը Լիբանանի բաժինին կատարած այս քաջ քայլին համար` բանավէճի ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ առանձին անդրադարձաւ Այնճարին` ընդգծելով այնտեղ զգացուած հայկական ոգին եւ ջերմութիւնը:

Աւարտին Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս տարի Այնճարը ոչ միայն մասնակից է, այլ նաեւ` հիւրընկալող հանրային բանավէճերուն, նշելով, որ լաւ քաղաքացիութիւնը կը ձեւաւորուի մտածող եւ արտայայտուող երիտասարդներու միջոցով:

Բանավէճերու աւարտին բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան «Արեւ» ճաշարանին մէջ, ուր ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ միասին ճաշեցին` ամրապնդելով ծրագիրի համախմբող ոգին: