image
Հրատապ լուրեր:

Աթէնքի մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը համերգով

Աթէնքի մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը համերգով

Մայիս 20-ին Աթէնքի Քլաֆթմոնոսի հրապարակին վրայ, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանիին ներքոյ տեղի ունեցած է Փոքրասիական աղէտի եւ 20-րդ դարի առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ-համերգ: 

Միջոցառման ընթացքին երաժշտահան Սթեֆանոս Տեքերեանը յոյն եւ հայ երաժիշտներէ բաղկացած խումբով համերգով ներկայացուցած է հայկական աւանդական եւ նուագախմբային երաժշտութեան` հայկական ռիթմի եւ մեղեդիի տարրերով, ինչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ աւանդական, բայց նաեւ յոյն երաժշտահաններու ժամանակակից երգերու հաւաքածու:

Յիշատակի երեկոն տեղի ունեցած է 2022 թուականի Գիրքի 25-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառի շրջանակներուն մէջ, որ կը կազմակերպուի Գրահրատարակիչներու ընկերակցութեան եւ գրավաճառներու համայունական ֆետերասիոնին կողմէ եւ կ'իրականացուի Աթէնքի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ: