image
Հրատապ լուրեր:

Աստրախան ուղղուող ինքնաթիռը կործանած. Կայ 2 զոհ

Աստրախան ուղղուող ինքնաթիռը կործանած. Կայ  2 զոհ

 Այսօր Կոտայքի մարզի Ջրաբեր գիւղին մէջ  կործանած է B55 տիպի օդանաւ մը։

Այս մասին լուրը յայտնեց ՝«Արմէնբրէս»ը նշելով նաեւ, որ  կործանած օդանաւուն մէջ եղած են երկու  օդաչուներ, որոնք մահացած գտնուած են։

Կը նշուի նաեւ, որ օդանաւը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն կ՚ուղէւորուէր դէպի Աստրախան եւ այն իյնալէ ետք հրդեհի բռնուած էր։