image

Աշխատանքային այցով Ալիեւ ժամանեց Անգարա

Աշխատանքային այցով  Ալիեւ  ժամանեց Անգարա

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն աշխատանքային այցով Անգարա ժամանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հրաւէրով, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Անոնք պիտի մասնակցին Իկտիր-Նախիջեւան կազատարի բացման արարողութեան: Կազատարի հիմքը դրած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները 2023 թուականի սեպտեմբեր 25-ին։

Կազատարի երկարութիւնը 97,5 քմ է, որմէ 80 քմ-ը կ՚անցնի Թուրքիոյ տարածքով, 17,5 քմ-ը՝ Նախիջեւանի։ Կազատարով օրական պիտի տեղափոխուի 2 մլն խմ կազ, տարեկան՝ 730 մլն խմ։ Սա լիովին կը բաւարարէ Նախիջեւանի կազի ներկայիս կարիքները: Ապագային խողովակաշարի թողունակութիւնը կրնայ կրկնապատկուիլ։