image

Աշխարհին պարէնային ճգնաժամ կը սպառնայ. Մաքրոն

Աշխարհին պարէնային ճգնաժամ կը սպառնայ. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է, որ աշխարհը պիտի կանգնի պարէնային խոր ճգնաժամի առաջ յառաջիկայ 12-18 ամիսներու ընթացքին, Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն հետեւանքով:

«Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով մօտակայ 12-18 ամիսներուն մենք պիտի կանգնինք պարէնային խոր ճգնաժամի առաջ, յատկապէս Ռուսաստանէն շատ կախուած երկիրներու` Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, ուստի Եւրոպան պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր, սա  մարտահրաւէր է իր եւ իր գործընկերներուն համար», ըսած է Մաքրոն մեծ մամուլի ասուլիսի ընթացքին` ներկայացնելով իր նախընտրական ծրագիրը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ նպատակ ունի ապահովելու Ֆրանսայի պարէնային անկախութիւնը, եթէ ընտրուի պետութեան ղեկավար յառաջիկայ հինգ տարիներուն: