Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը անփոփոխ թողելու մասին ՀՀ Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի դատարանի 10.09.2021-ի որոշման դէմ ներկայացուած է վերաքննիչ բողոք։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Առուշանեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Յիշեցնենք, որ Առուշ Առուշանեանը կը մեղադրուէր ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելուն օժանդակելու, ընտրողներուն կաշառք տալուն օժանդակելու եւ նախապատրաստելու համար:
Նշենք նաեւ, որ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը պիտի մասնակցի ՏԻՄ ընտրութիւններուն «Վերածնուող Հայաստան» եւ «Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւններու կազմած դաշինքով։ Դաշինքը պիտի կրէ «Առուշ Առուշանեան» անունը։