image

Արսէլի մէջ հրդեհ. Զոհուած են մայր մը եւ երեխան (Տեսանիւթ)

Արսէլի մէջ  հրդեհ. Զոհուած են մայր մը եւ երեխան (Տեսանիւթ)

Մեծ հրդեհ մը ծագած է Լիբանանի Արսէլ աւանին մէջ, ուր կ՚ապրին սուրիացի մեծ թիւով գաղթականներ։  

Այս մասին  իմացանք  Lebanon Files    կայքէն։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրդեհը ծագած է  «Ալ Շաֆաք» անունով  յայտնի վրանաքաղաքին մէջ։ Դժբախտաբար  հրդեհին հետեւանքով զոհուած են մայր մը եւ անոր անչափահաս երեխան։

«Արեւելք»ի  ընթերցողներուն  յիշեցնենք,որ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր  հազարաւոր սուրիացիներ Լիբանան մուտք գործեցին։   Այսօր անոնց թիւը կը գնահատուի 1,5 միլիոնով։