image

Արեւմտահայը, «յաւերժ օտարակա՞ն»

   Արեւմտահայը, «յաւերժ  օտարակա՞ն»

Աշխարհահռչակ    ջութակահար ՝Արա Մալիքեան կը  գրէ՝

Լիբանանի մէջ զիս բաւարար չափով «լիբանանցի» չհամարեցին, քանի որ ես ծագումով հայ էի, հայերը զիս բաւարար չափով «հայ» չհամարեցին, քանի որ ես ծնած եմ Լիբանան, երբ հաստատուեցայ Եւրոպա, այնտեղ ալ զիս «եւրոպացի» չհամարեցին, քանի որ ես չեմ ծնած Եւրոպա: Տարիներ  տեւած է մինչեւ ըլլամ այնպիսին, ինչպէս որ ես եմ հիմա, եւ ընդունիլ յաւերժական «օտարական» ըլլալու վիճակս: Ես 20 տարի ապրած եմ Սպանիա եւ ունիմ սպանական քաղաքացիութիւն, եւ հիմա որակազրկուած եմ Լատինական Կրէմմի մրցանքի  մասնակցութենէն (Լատինաամերիկեան ակադեմիայի երաժշտական մրցանակաբաշխութիւն) լատիներէնին բաւականաչափ չտիրապետելուս համար, մանաւանդ որ չորս տարի առաջ Կրէմմիի յաւակնորդներէն մէկն էի, իսկ երեք տարի առաջ նուագած եմ բացման  մրցանակաբաշխութեան Կալային: Որեւէ մէկը ինչ որ բան կը հասկնա՞յ: 

Յիշեցնենք, որ այս  տարի Լատինական Կրէմմին տեղի պիտի ունենայ 18 Նոյեմբեր 2021-ին: