image

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներ զոհուած են

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներ զոհուած են

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գնդակոծուած է ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժը, ռուս զինուորականներ զոհուած են, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«20 սեպտեմբերին Ճանկաթաղ գիւղի տարածքին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը դիտակէտէն վերադառնալու ժամանակ գնդակոծութեան ենթարկուած է ռուս զինուորականներով ինքնաշարժը։ Գնդակոծութեան հետեւանքով ինքնաշարժին մէջ գտնուող ռուս զինծառայողները զոհուած են»,- յայտնած են գերատեսչութենէն։

Տեղւոյն վրայ կ'աշխատին ՌԴ եւ Ատրպէյճանի քննչական մարմիններու ներկայացուցիչները՝ պարզելու բոլոր հանգամանքները։