image

Արցախի մէջ. Ելեկտրական հոսանքի տագնապը դէպի սրացում

Արցախի մէջ. Ելեկտրական հոսանքի տագնապը դէպի սրացում

Ջուրի աննախադէպ սակաւութեան պատճառով գործող ելեկտրակայաններու (ՀԷԿ) արտադրանքը թոյլ չի տար ապահովելու ելեկտրականութեան մատակարարում գործող ժամանակացոյցով, ուստի, սոյն թուականի մայիս 26-էն սկսեալ կը գործէ նոր ժամանակացոյց: Այս մասին տեղեկացուցած են «Արցախէներգո» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն՝ մանրամասնելով, որ հովհարային անջատումները կ'իրականացուին 3 խումբով:

Ըստ այդմ 1-ին խումբին մէջ ընդգրկուած է Ասկերանի շրջանը, 2-րդ խումբին մէջ՝ Մարտունիի շրջանը, իսկ 3 խումբին մէջ՝ Մարտակերտի շրջանը: 

«Օրական իւրաքանչիւր խումբը կ'անջատուի 3 անգամ՝ 2-ական ժամով»,-աւելցուցած են ընկերութենէն՝ հրապարակելով նաեւ հովհարային անջատումներու նոր ժամանակացոյցը: