image

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը իր արժանի տեղը գտաւ: Անիկա յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին, ուր կայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած մեծ ցուցասրահ: Գանատա բնակող տաղանդաւոր քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան դիմաքանդակը խոստացած էր բերել անցեալ Սեպտեմբերին, սակայն «Քորոնա» համավարակը խանգարած է իր ծրագիրը:

Քանդակագործը կը փափաքէր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունենար առանձին թանգարան` Արամ Մանուկեանին նուիրուած: