image

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի դառնայ առաջին երկիրը, որու երկինքին մէջ օդային թաքսիներ պիտի թռին

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի դառնայ առաջին երկիրը, որու երկինքին մէջ օդային թաքսիներ պիտի թռին

Ամերիկեան Archer Aviation ընկերութիւնը յայտնած է, որ Dubai Air Show պայմանագիր ստորագրած է 2023-ին, որով տեղական Air Chateau ուղղաթիռներու ընկերութեան 100 օդային թաքսի պիտի վաճառէ: Այս Archer-ի՝  արաբ ներդրողներու հետ ելեկտրական օդանաւեր ձեռք բերելու մասին երկրորդ համաձայնագիրն է, որով  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի դառնայ առաջին երկիրը, որու երկինքով օդային թաքսիներ պիտի թռին։

Air Chateau-ի հետ նախնական համաձայնագիրով նախատեսուած է մօտ 500 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով 100 օդանաւու վաճառք։ Անոնք պիտի ըլլան չորս տեղնոց ելեկտրական Midnight օդանաւերը, որոնց յաջորդական արտադրութեան առաջին նմոյշները իրենց թռիչքը սկսած են անցեալ ամիս՝ Միացեալ Նահանգներու Դաշնային օդագնացութեան վարչութենէն (FAA) արտօնագիր ստանալու համար: Ընկերութիւնը կ'ակնկալէ արտօնագիր ստանալ 2024 թուականին, իսկ օդանաւերու առեւտրական շահագործումը սկսիլ 2025 թուականին։

Կ'ակնկալուի, որ Air Chateau-ի առաջին 100 օդային թաքսիները շահագործման յանձնուին 2026 թուականին: Ապու Տապիի Արաբական ներդրումային հիմնադրամը (ADIO), որու հետ Archer Aviation փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած է մէկ ամիս առաջ, նոյնպէս մտադիր է գործարկել օդային թաքսի ծառայութիւններ։ Archer Aviation նաեւ համաձայնագիր ունի 2026 թուականին Հնդկաստանին 200 օդանաւ մատակարարելու մասին։

Նշուած է, որ Midnight օդային թաքսիները բարդի (Battery) լրիւ լիցքաւորմամբ կը կարողանան զարգացնել մինչեւ 241 քմ/ժ արագութիւն եւ անցնիլ մինչեւ 161 քմ։ Նման մեքենաներու համար ամէնէն յարմար հեռաւորութիւնները 30-էն 80 քմ են: Օդային թաքսիներու համար իտէալական են 20 վայրկեան տեւողութեամբ թռիչքները, ուղեւորներ վերցնելու համար 12 վայրկեաննոց ընդմիջումներով, որու ընթացքին հնարաւոր ըլլայ լիցքաւորել բարդերը։