Լիբանանի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող եւ սուրիացի գաղթականներուն համար պատրաստուած վրանակայանը այսօր հրոյ ճարակ դարձած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Էլ Նաշրա» կայքէն։
Աղբիրը կը նշէ, որ շրջանի բնակիչ խումբ մը երիտասարդներ վառելանիւթ թափած եւ ապա կրակի տուած են շրջանին մէջ գտնուող խումբ մը վրանները։
Դէպքին հետեւանքով գրանցուած մարդկային տոյժերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։Կը հաղորդուի, որ դէպքը եղած է Լիբանանցի երիտասարդի սպանութեան ի հետեւանք եւ կ՚ըսուի, որ մեղադրեալը այդ գաղթակայանի բնակիչներէն է։
Դէպքին վերաբերեալ այլ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մասնաւորապէս հիւսիսային շրջաններուն մէջ գաղթականներու հազարաւոր վրանատեղիներ կան, ուր հաստատուած են սուրիացի փախստականներ, որոնք յաճախ դէմ հանդիման կ՚ըլլան նման դատապարտելի արարքներու, կիսելով նաեւ բնութեան ամենադաժան պայմանները։
Լուսանկարը՝ Համացանցէն
عاجل
— أنس المعراوي (@anasanas84) July 24, 2022
إحراق مخيّم للاجئين السوريين من قبل بعض اهالي #عكار في #لبنان على خلفية مقتل شاب لبناني والمتهم بقتله سوري ! pic.twitter.com/M2EKFy5oJh