image

ԱՊՀ երկիրներու սեփական արժոյթի աշխուժացման ճիգեր. Փութինի դիտարկումը

ԱՊՀ երկիրներու սեփական արժոյթի աշխուժացման ճիգեր. Փութինի  դիտարկումը

Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրները եռանդուն ջանքեր կը գործադրեն ազգային արժոյթով հաշուարկներու կատարման անցնելու համար, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ուրբաթ Աստանայի մէջ ընթացող Համագործակցութեան գագաթաժողովին։

Անոր խօսքով՝ ապրանքաշրջանառութիւնը ԱՊՀ երկիրներու միջեւ անցած տարի աւելցած է աւելի քան 30 տոկոսով, իսկ ընթացիկ տարուան առաջին կէսին՝ եւս 7 տոկոսով։

«ԱՊՀ երկիրները Համագործակցութեան գոյութեան ընթացքին որոշ ուղղութիւններով հաստատած են տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ մարդասիրական յաջող կապեր, կ'աւելնայ փոխադարձ հետաքրքրուածութիւնը կանաչ տնտեսութեան զարգացման, թուայնացման, նորարարական ոլորտներու, բնական պաշարներու խելացի օգտագործման ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առումով։ Աշխուժացած է ներմուծման նուազման, արհեստագիտական եւ ֆինանսական ինքնուրոյնութեան ամրապնդմանն ուղղուած համատեղ գործունէութիւնը։ Մասնաւորապէս, կը նախաձեռնուին եռանդում ջանքեր Համագործակցութեան երկիրներու միջեւ փոխադարձ հաշուարկներուն մէջ ազգային արժոյթներուն անցնելու համար»,-ըսած է ան։