image

ԱՄՆ պաշտպանութեան պիւտճէ. Փոփոխութիւն պիտի ըլլայ Ղարաբաղի կտրուածքով

ԱՄՆ պաշտպանութեան պիւտճէ. Փոփոխութիւն պիտի ըլլայ Ղարաբաղի կտրուածքով

ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է յաջորդ ֆինանսական տարուայ (երկրին մէջ կը սկսի Հոկտեմբեր 1-ին) պաշտպանական պիտճէի նախագիծը՝ 778 միլիառ տոլար:

Նախաձեռնութեան աջակցած է 316 օրէնսդիր, 113-ը դէմ արտայայտուած է: Պիւտճէն կը ներառէ շարք մը փոփոխութիւններ՝ կապուած Ռուսաստանի հետ: ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը գարնան 753 միլիառ տոլար պահանջած է Գոնկրէսէն պաշտպանական կարիքներու համար: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին այդ գումարը աւելցուած է:

Ընթացիկ ֆինանսական տարուայ պաշտպանական պիւտճէն կը կազմէ մօտ 740 միլիառ տոլար: Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ պաշտպանական պիւտճէի հաստատումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր անոր մէջ ներդրուած բոլոր նախաձեռնութիւններու ուժի մէջ մտնելը: Պաշտպանութեան պիւտճէի նախագիծի իր տարբերակը, որ կը տարբերի Ստորին պալատին մէջ ընդունուածէն, դեռ պէտք է հաստատէ ԱՄՆ Ծերակոտը: Անկէ ետք պիտի հրաւիրուի յանձնաժողով, որ պիտի համաձայնեցնէ երկու նախագիծերուն մանրամասները: Երկու պալատները կրկին պէտք է քուէարկեն համաձայնեցուած փաստաթուղթի օգտին, որմէ յետոյ այն պիտի ուղարկուի պետութեան ղեկավարի ստորագրութեան: Այս գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը ամիս: 

Փոփոխութիւն կատարուած է օրինագիծին մէջ, որուն համաձայն՝ Փենթակոնը եւ Պետական քարտուղարութիւնը պէտք է զեկոյց պատրաստեն 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ: Փաստաթուղթը պէտք է ներկայացուի Օրէնսդիր մարմինի համապատասխան յանձնաժողովներուն: Բացի այդ, կ'ենթադրուի, որ օրէնսդիրները կոչ ընեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ «ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու գերեվարուած խաղաղ բնակիչները»: Ինչպէս նշուած է փոփոխութեան մէջ, Գոնկրէսը կոչ պիտի ընէ ԱՄՆ վարչակազմին՝ համագործակցելու Ատրպէյճանի հետ այդ ուղղութեամբ: