«Միացեալ Նահանգները խիստ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բուռն մարտական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ վիրաւորների ու զոհերու մասին հաղորդումներով եւ ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին»։ Այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը՝ կոչ ընելով «անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ մագլցումը կանխելու ուղղութեամբ»։
«Լարուածութեան մեծացումը վերջին շրջանին կ'ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող բոլոր մնացած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը»,-աւելցուցած է Փրայս: