image

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը այցելած է Պոլսոյ Պատրիարքարան

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը այցելած է Պոլսոյ Պատրիարքարան

 Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի  Առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեանն այցելութիւն տուած է   Պոլսոյ Պատրիարքարան։

 

 Այս մասին տեղեկացանք Պոլսոյ Պատրիարքարանի  Դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած  է այս մասին։

 

 Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

 Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Սեպտեմբեր 2021, Երեքշաբթի միջօրէին Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն-ու Արեւմտեան Կիլիկեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի այցը։ Նորին Սրբազնութիւնը միօրեայ այցելութեամբ ժամանած էր Պատրիարքարան։

Հանդիպումին ներկայ էին Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Դիւանապետի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Սրբազան Հայրը Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները։ Ապա զրոյց տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցին եւ հայ իրականութիւնը յուզող զանազան նիւթերու մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Գերաշնորհ հիւրին եւ ուրախութիւնը յայտնեց զինք հիւրասիրելուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին որ Սրբազան հիւրին միջոցաւ իր ողջոյնները յղեց Նորին Սրբութեան։ Պատրիարք Հայրը, յիշելով Լիբանանի մեր համայնքի վիճակը, ըսաւ որ իր աղօթքներուն մէջ է Լիբանանը ընդհանրապէս եւ Լիբանանահայութիւնը՝ մասնաւորապէս։

Նորին Սրբազնութիւնը այսօր կը վերադառնայ Լիբանան։