Ինչպէս աւելի վաղ ալ գրած էինք, Ամերիկայի մէջ ընթացք առած է շարժում մը, որուն հիմամբ զանազան ոլորտներու մէջ հաստատուած անուններ նուիրատուութիւններ սկսած են հաւաքել՝ հասնելու լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն։
Տնտեսական ու քաղաքական բարդ վիճակներու մէջ յայտնուած Լիբանանի հայութեան հասնելու մտադրութիւնը ծնունդ առած է յատկապէս ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմին գաղափարով եւ անշուշտ գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս Տօնոյեանին։
Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ կեցուածքով մը նուիրատուներու ցուցակին աւելցած է անունը 15 տարեկան պատանի Արամ Բաբուխեանին, որ իր ուսման համար նախատեսուած գումարէն մաս մը նուիրած է Լիբանանի հայութեան։
Ոչ այնքան գումարի չափը, այլ կեցուածքն ու մօտեցումն են, որ կը հովացնեն մեր սրտերը եւ ի տես այդ կեցուածքներուն աւելիով կ՚ամրապնդենք մեր հաւաքական դիրքերը ու նաեւ կը հասկնանք, որ միասին ըլլալով կարող ենք սարեր շուռ տալ։
Ի դէպ Արամի մասին կարճ գրառում մը կատարած է Թեմակալ Առաջնորդը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Այսօր, Երեքշաբթի, 17 Օգոստոս, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրներէն Արամ Բաբուխեան (15 տարեկան), ուղեկցութեամբ իր մօր:
Արամ եկաւ եւ իր համալսարանական կրթութեան համար կատարած խնայողութենէն հազար տոլար ($1000) տրամադրեց Լիբանանի հայութեան ի նպաստ դրամահաւաքին:
Ե՛ւ յուզուեցայ, ե՛ւ ուրախացայ: Այդ պահուն սիրտս Արամին եւ իր նմաններուն նկատմամբ լեցուեցաւ անհուն գորովով մը:
Արամ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. խորանին մոմակիր պատանի մըն է, որ եկաւ եւ զօրակցութեան իր լայն բաժինը ձգեց լիբանանահայութեան օժանդակութեան գանձանակին մէջ:
Օրհնեալ օրինակ: Ապրի՛ս Արամ: