Ամերիկեան The New York Times պարբերականը, վկայակոչելով ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, կը պնդէ, որ Ուաշինկթընը, իբր, Քիեւին տրամադրած է հետախուզական տեղեկատուութիւն, որ յանգեցուցած է ռուս սպաներու, հրամանատարներու մահուան: Տեղեկատուութեան փոխանցման հետեւանքով սպաննուած ռուս սպաներուն թիւը չի նշուիր:
Ընդ որում պարբերականը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգները, իբր, դէմ է Քիեւին ռուսական ռազմական ղեկավարութեան «առաւել բարձրաստիճան ծառայողներու» վերաբերեալ տուեալների փոխանցման:
Առանց աղբիւրներու հրապարակման` հրատարակութիւնը կը գրէ, որ ԱՄՆ-ն գաղտնի կերպով «իրական ժամանակի մէջ» տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Ուքրանիոյ մարտի դաշտին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Այս տեղեկութիւնը, ի թիւս այլ բաներու, կը ներառէր ռուսական զօրքերու տեղաշարժերու մանրամասներ Ուքրանիոյ մէչ ռուսական յատուկ գործողութեան երկրորդ փուլի մասին յայտարարութենէն յետոյ: