Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն մերժած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին ժամանակ հնչեցուցած պնդումները (իբր Հայաստանն ու Իրանը ներգրաւուած են թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան մէջ)՝ շեշտելով, որ «Պաքուի նման անհիմն յայտարարութիւնները պիտի ստանան համապատասխան արձագանգ»:
Խաթիպզատէ ընդգծած է այն փաստը, որ «նման պնդումները համահունչ են սիոնիստական կարգի շահերուն եւ կ'ազդեն Իրան-Ատրպէյճան եղբայրական կապերուն վրայ»:
Ընդգծելով թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան դէմ պայքարին մէջ Իրանի դերը՝ խօսնակը ըսած է. «Իրանը առաջատար դեր կը խաղայ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին մէջ։ Մենք ունեցած ենք հազարաւոր նահատակներ եւ վիրաւորներ, որոնք վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին իրենց նուիրած են այդ վատ երեւոյթի դէմ պայքարին»: Ան շեշտած է, որ միջազգային մարմինները հաստատած են այդ փաստը:
Ընդգծելով Իրանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւնները՝ Խաթիպզատէն նշած է, որ, «ցաւօք, կը թուի, որ չնայած Պաքուէն ստացուած դրական եւ մասնաւոր ազդակներուն, Պաքուն մտադիր է հանդէս գալ անհիմն լրատուամիջոցային յայտարարութիւններով, որոնց, ի հարկէ, համապատասխան արձագանգ պիտի տրուի»: