Եթէ Հայաստանը իսկապէս շահագրգռուած է հասնելու տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան, ապա անոր զինուած ուժերը պէտք է ամբողջութեամբ լքեն «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանը»: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով Պաքուի մէջ Չմիացած երկիրներու շարժման համակարգող բիւրոյի նախարարական հանդիպման:
«Չնայած Հայաստանը ստիպուած եղած է ճանչնալ Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս, սակայն հայկական զինուած ուժերու մնացորդներ դեռ կան Ատրպէյճանի տարածքին, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները»,- նշած է Ալիեւ։
Անոր խօսքով՝ այնտեղ գտնուող հայկական ռազմական եւ կիսառազմական կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին եւ զօրացրուին:
Ալիեւ նաեւ բողոքած է, որ Հայաստանը նաեւ կը խոչընդոտէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը: