Օրերս Հոլանտա տրուած այցելութեան ընթացքին Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան հանդիպում ունեցած է մասնաւորապէս Ալմելո քաղաքին մէջ բնակող երիտասարդութեան հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի գրասենեակէն։
Ստորեւ այդ առթիւ խմբագրութեանս ուղարկուած հաղորդագրութիւնը՝
Սոյն թուականի Յունիսի 1-ին Հոլանտայի Ալմելո քաղաքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, տեղի հայ համայնքը պատիւ ունեցաւ հիւրընկալելու Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։
Այս տարի յոբելենական տարի է, կը զուգադիպի Ալմելոյի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ 20-ամեակին, եւ համայնքը կը պատրաստուի նշելու զայն Սեպտեմբեր ամսուն։ Սրբազանի այցին առիթով եկեղեցւոյ սրահէն ներս համախմբուած էին աւելի քան 200 հոլանտահայ երիտասարդ հաւատաւորներ, որոնք եկած էին հաղորդակից դառնալու բազմամեայ փորձառութեան եւ խորաթափանց մտածողութեան տէր հոգեւոր առաջնորդի հետ։
Հանդիպման սկիզբը Սրբազանը իր խօսքով ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւնը, անցեալէն սերած հարուստ ժառանգութիւնը, որ սերտ առնչութիւն ունի համայնքի ներկայ եւ ապագայ բաղձանքներու հետ։ Ապա հրաւիրեց մասնակիցները առաջնորդուելու այդ գաղափարներով, քննարկելու կատարելիք անձնական ներդրումներու մասին՝ եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ իրենց հաւատքի զօրացման համար։
Ելոյթէն ետք ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հարցադրումներու եւ միտքերու փոխանակման ճանապարհով շփուելու Սրբազան հօր հետ, որուն շնորհիւ դահլիճէն ներս ստեղծուեց ջերմ մթնորոտ՝ անկեղծ երկխօսութեան ոգիի ներքոյ։
Միջոցառման աւարտին առաջացան քանի մը աշխատանքային խումբեր, որոնց մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան քննարկելու անձի ձեւաւորման եւ եկեղեցապատկան գործունէութեան յաջողութեան գրաւականներու վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկումներու ընթացքին մեծ արձագանգ կը գտնէ Սրբազանին առաջարկած անձի զարգացման եւ ինքնակառավարման կեդրոնական թեման։ Ան իր խօսքը հիմնաւորեց տարբեր օրինակներով եւ վկայութիւններով եւ մատնանշեց մարդկային բարեմասնութիւնները ինչպիսիք են քաջութիւնը, կարեկցանքը, վստահելիութիւնը եւ ստեղծագործող ոգին: Սրբազանը բացատրեց, թէ մնայուն ժառանգութեան ստեղծման եւ անձնական բարձր նպատակներու հասնելու համար որքան կարեւրոր են այդ արժէքները։
Արդարեւ, Սրբազանին պատգամները ուղղուած երիտասարդներուն առանցքային նշանակութիւն ունէին՝ իրենց անհատականութիւնը դրսեւորելու, բացայայտելու եւ հայկական ժառանգութեան տէր կանգնելու։ Ան մասնակիցները յորդորեց խորամուխ ըլլալ իրենց հայեցիութեան եւ թաքնուած գանձերուն, բացայայտել եւ գնահատել իւրայատուկ մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները: Սրբազանը կարեւորեց նաեւ կանանց ներգրաւուածութիւնը եւ անոնց դերը համայնքի եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ ժամանակակից ճարտարագիտական ձեռքբերումներու օգտագործումը՝ քրիստոնէական արժէքներու տարածման համար։
Տ․ Խաժակ Սրբազան իր եզրափակիչ խօսքով կոչ ուղղեց երիտասարդներուն խորապէս մտածելու, համարձակօրէն գործելու, ամբողջ սիրտով պարտաւորուելու եւ ինքնազարգանալու։ Ան խրախուսեց զանոնք օգտագործելու իրենց հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ դրականօրէն նպաստելու իրենց համայնքին եւ ամրապնդելու այն գաղափարը, որ իրենց ներգործութիւնը կրնայ առանցքային ըլլալ։
Հիմք ընդունելով այս ոգեշնչող իրադարձութիւնը՝ աշնանը Նիդեռլանդներու մէջ կը նախատեսուի իրականացնել նման հաւաք, որ կը միտի համայնքէն ներս խթանել հոգեւոր վերածնունդի գաղափարը։ Սրբազան հօր այցի ընթացքին կայանալիք միջոցառման նպատակն է սնուցել ցանուած սերմերը եւ առաջնորդել զանոնք այն ճանապարհով, որ հիմնուած է հաւատքի եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ։
Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի այցը Ալմելո արթնութեան կոչ էր ողջ համայնքին եւ յատկապէս երիտասարդներուն։ Այդ մտորումները ոգեշնչման ե՛ւ անձնական, ե՛ւ հաւաքական կեանքի զարթնումի նոր մարտահրաւէր էր։
Ներկայիս համայնքը մեծ խանդավառութեամբ եւ յանձնառութեամբ կը պատրաստուի իրենց եկեղեցւոյ 20-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան՝ խոր հասկնալով որ իրենք են ժառանգորդները եւ պահապանները մեր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։ Այս միջոցառումով համայնքի երիտասարդները կը խոստանան գործով ապացուցել այն ինչի մասին կը պատգամէր Սրբազան հայրը։