Կոտայքի մարզի Աբովեան համայնքին մէջ առաջատարը ԲՀԿ-ն է, որու օգտին քուէարկած է 5231 ընտրող։
Իշխող ՔՊ-ի օգտին Աբովեանի մէջ քուէարկած է 4279 ընտրող, ՀՅԴ-ն ստացած է 639 ձայն, իսկ «Հանրապետութիւն»-ը՝ 1124 ձայն։
Նշենք, որ Աբովեանի մէջ կը մրցակցէր 4 քաղաքական ուժ՝ ՔՊ-ն, ՀՅԴ-ն, ԲՀԿ-ն ու «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը: