image
Հրատապ լուրեր:

6-րդ անգամն ըլլալով ամերիկեան ԱԹՍ մը վար կ՚առնուի Եմէնի մէջ

6-րդ անգամն ըլլալով ամերիկեան ԱԹՍ մը վար կ՚առնուի Եմէնի մէջ

Սանաայի կառավարութեան արտաքին գործերու փոխնախարար Հուսէյն Ազզին հաստատած էր, որ Մաարէպի նահանգի ազատագրումը պիտի բարձրացնէ Եմէնի եւ հարեւան երկիրներու մէջ կայուն ռազմավարական խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնները:

 

Այսօր Եմէնի զինուած ուժերը յայտարարած են, որ Մաարէպէն դէպի հարաւ հատուածին մէջ խոցած են ամերիկեան արտադրութեան լրտեսական ինքնաթիռ մը։

Եմէնի զինուած ուժերու խօսնակ, զօրավար Եահիա Սարիհը Թուիթըրի վրայ գրառում կատարած է. «Մեր հակաօդային պաշտպանութիւնը կրցած է խոցել ամերիկեան արտադրութեան (Scan Eagle) լրտեսական ինքնաթիռ մը, երբ վերջինս այսօր առաւօտեան յարձակման գործողութիւններ կ'իրականացնէր Մաարէպ նահանգի Ճուպա շրջանի օդային տարածքին մէջ»: 

Սարիհը հաստատած է, որ «ինքնաթիռը խոցելու գործընթացը իրականացուած է համապատասխան զէնքով», նշելով, որ «ինքնաթիռի բեկորներուն տեսարանները պիտի հեռարձակուին աւելի ուշ»։ Եմէնի զինուած ուժերու խօսնակը նշած է, որ «այս ինքնաթիռը նոյն տիպի վեցերորդն է, որ մեր հակաօդային պաշտպանութիւնը կրցած է խոցել այս տարուայ ընթացքին»։

Աւելի վաղ Սանաայի կառավարութեան արտաքին գործերու փոխնախարար Հուսէյն Ազզին հաստատած էր, որ Մաարէպի նահանգի ազատագրումը պիտի բարձրացնէ Եմէնի եւ հարեւան երկիրներու մէջ կայուն ռազմավարական խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնները:

Եմէնի ռազմական եւ քաղաքական հարցերով փորձագէտ, զօրավար Ապտուլ-Ղանի Զուպայտին անցեալ շաբաթ իր ելոյթին մէջ ըսած էր, որ «Եմէնի բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ յառաջընթաց կայ եւ կոմիտէները հակահարուած տալու համար յարձակման»:

Լուրը՝ «Մայատին»էն: