image

5 Հայ գերիներ Պաքուէն Երեւան վերադարձան

5 Հայ գերիներ   Պաքուէն  Երեւան   վերադարձան

Պաքուէն  Երեւան տեղափոխուած են ռազմագերիներու նոր խումբ։

Հայ գերիները տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանը, հաղորդած  է Armeniasputnik.am–ը։

Ըստ աղբիւրին՝ Պաքուէն վերադարձող 5 գերիներն են՝ Մելս Կարապետի Ամբարդանեան, Ռաֆիկ Ռոպերթի Կարապետեանը, Ժորա Վանոյի Մանուկեան, Սեդրակ Սամուէլի Սողոմոնեան եւ Յովսէփ Ռոպերթի Մանուկեան, որոնք Ատրպէյճանի մէջ 6 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած էին:

Հայ ռազմագերիներու վերադարձին մասնակցած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան նախկին հրամանատար, զօրավար՝ Ռուստամ Մուրատովը, որու միջնորդութեամբ նաեւ Հայաստան վերադարձած են հայ ռազմագերիներու նախկին խումբերը:

Այսպիսով, Ատրպէյճանէն վերադարձած գերիներու թիւը կը հասնի 113-ի՝ զինծառայողներ եւ քաղաքացիական անձեր։