image
Հրատապ լուրեր:

21-ամեայ կինը ծննդաբերելէ ետք մահացած է

21-ամեայ կինը ծննդաբերելէ ետք մահացած է

28 նոյեմբերին, ոստիկանութիւն ահազանգած է Արմաւիրի մարզի գիւղերէն մէկու բնակիչ՝ Դաւիթ Ն․, որ յայտնած է, որ նոյն օրը, ժամը 18։00-ին Երեւանի «Արմենիա» հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է իր կինը։ 

Shamshyan.com–ի հաղորդմամբ՝ ահազանգով մեկնած են ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի հերթապահ խումբը, տեղւոյն վրայ Դաւիթ Ն. լրացուցիչ յայտնած է, որ մահացածն իր 21-ամեայ կինն է՝ Ծովինար Ն․, որ 25 նոյեմբերին «Հանրապետական» ծննդատան մէջ ծննդաբերած էր, որմէ յետոյ զայն տեղափոխած էին «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։ 

Դէպքի փաստով Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աջափնեակ եւ Դաւիթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ։ Քննիչի որոշմամբ՝ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։