Ահաբեկչական երկու պայթումներ ցնցած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը։
Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք «Սանա» գործակալութիւնէն։
Մանրամասնութիւններուն մէջ, կ՚ըսուի, որ պայթումները հետեւանք են լարուած ականներու, որոնք թիրախաւորած են բանակայիններ փոխադրող երկու հանրակառքեր։
Պայթումները եղած են այն պահուն, երբ կառքերը կը հատէին Դամասկոսի կեդրոնական կամուրջներէն մին։
Նախնական տուեալներով զոհուած են 14 անձեր (որոնց մեծ մասը բանակի զինուորներ են) եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։
Այլ մանրամասնութիւններ չեն տրուիր։