Հայրենադարձներու զաւակ՝ Մարալ Աբէլեան, որ աչքի գործողութեան մը համար Արցախէն Երեւան եկած է իր վիրաբուժութեան աւարտին իմանալով դէպի Արցախ տանող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալը կարճ տեսանիւթով մը դիմած է աշխարհին։
Մարալ (դիտել տեսանիւթը), որ յստակ անգլերէնով մը դիմաց է աշխարհին պատմած է Արցախէն Երեւան գալուն պատճառներուն մասին ու նաեւ կոչ ըրած է բոլորին ըսելով, «Բացէ՛ք մեր ճանապարհը, իմ ժողովուրդի դէպի Արցախ վերադառնալ կ՚ուզէ»։
Մարալ մէկն է այն հազար-հազարներէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէ հերոսական Արցախի ճանապարհին վերաբացումը, անգամ մը եւս աշխարհին յիշեցնելով, որ Արցախ ապրիլը այլընտրանք չունի ու նաեւ այն, որ իրենց կամքն անկոտրում է եւ իրենք ամէն գնով իրենց կեանքը պիտի շարունակեն Արցախի մէջ։
This is Maral, a courageous 13-year-old separated from her family in #Artsakh after the Aliyev regime imposed a blockade on the only road connecting her home to the world.
— Genocide Prevention Network (@GP_Network_) December 18, 2022
RT to stand with Maral & demand #Azerbaijan open the road and end the humanitarian crisis in #Artsakh pic.twitter.com/YvLuux4JoZ