image

1 Յունուարէն «Քովիտ»ի խնդրով նոր սահմանափակումներ Հայաստանի ճաշարաններէն ներս

1 Յունուարէն «Քովիտ»ի խնդրով նոր սահմանափակումներ Հայաստանի ճաշարաններէն ներս

Յունուար 1-էն սնունդի կէտեր եւ մշակութային միջոցառումներ կը կարենան մուտք գործել միայն պատուաստուած կամ բացասական PCR քննութեամբ քաղաքայինները: Այս մասին ըսաւ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:

Անոր խօսքով, «Քովիտ»ի տարածումը նուազեցնելու համար նոր սահմանափակումները ոչ միայն կը քննարկուին, այլ արդէն նախագիծի տեսք ունին եւ կը շրջանառուին: Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի Յունուար 1-էն հանրային սնունդի վայրեր, մշակութային միջոցառումներ, համերգներ եւ շարք մը այլ վայրեր մուտքը թոյլատրել միայն պատուաստուած ըլլալու հանգամանքը հաւաստիացնելու կամ բացասական PCE քննութիւն ունենալու պարագային:

«Մենք հասկանում ենք, որ, այո՛, այս սահմանափակող միջոցառումները գուցէ որոշակի անյարմարութիւններ առաջացնում են, բայց մենք, նժարի վրայ դնելով հանրային առողջապահական հարցերը, կարծում ենք, որ անհրաժեշտ է նման միջոցների դիմել: Այն քաղաքացիները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն կարող պատուաստուել, պիտի հաւաստեն ՊՇՌ բացասական թեսթով իրենց մուտքը», ըսաւ նախարարը: