Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքին կը բանակցի շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիային հետ, որպէսզի «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան կիրակնօրեայ հեռարձակման ընթացքին հանդէս գայ տեսաուղերձով․ կը տեղեկացնէ New York Post-ը։
Նշուած է, որ ակադեմիոյ պաշտօնեաները դեռ կը քննարկեն՝ արդեօք կ'արժէ, որ Զելենսքին հանդէս գայ ելոյթի ընթացքին: Պարզ չէ նաեւ, թէ պիտի ըլլայ ուղիղ միացումով, թէ տեսագրութեամբ։ Աղբիւրները ըսած են, որ բանավէճը այն հարցի շուրջ է, թէ արդեօք «Օսքար»ը պէտք է ապաքաղաքական մնայ՝ ՌԴ-ի Ուքրանիա ներխուժման ֆոնին։
Ակադեմիան հրաժարած է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնը:
ABC հեռատեսիլային ալիքը, որ կը հեռարձակէ մրցանակաբաշխութիւնը, ըստ լուրերուն, կողմ է, որ նախկին դերասան՝ Զելենսքին յայտարարութեամբ հանդէս գայ: Լրատուամիջոցը, սակայն, նոյնպէս չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ կարծիք կայ, որ Ուքրանացի դերասանուհի՝ Միլա Քունիս, որ իր ամուսնոյն՝ Էշթըն Քութչըրի հետ 35 միլիոն տոլար հաւաքած է Ուքրանիայէն փախստականներու համար, յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: