image

Զելենսքին գոհ է ուղարկուած զէնքերէն

Զելենսքին գոհ է  ուղարկուած զէնքերէն

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ օտարերկրեայ գործընկերները սկսած են երկիր ուղարկել «այն զէնքերը, որոնք իրենք խնդրած են»: Համապատասխան տեսաուղերձը հրապարակուած է անոր թելեկրամեան ալիքով:

«Ես շնորհակալ եմ մեր բոլոր գործընկերներուն, որոնք վերջապէս լսեցին մեզ: Որոնք մեզի կու տան այն, ինչ մենք խնդրած ենք», ըսած է Ուքրանիոյ ղեկավարը:

Միաժամանակ Զելենսքին չէ յստակացուցած, թէ ինչ զինատեսակներու մասին է խօսքը:

Գանատայի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ Ուքրանիոյ յանձնած է ծանր հրետանի եւ հաուպիցներ, որու մասին աւելի վաղ խնդրած է Քիեւը:

Աւելի վաղ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը խոստացած էր «կեսար» ինքնագնաց կայանքներ ուղարկել Ուքրանիա: Ֆրանսական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` մի քանի օրուայ ընթացքին պիտի ուղարկուին ծանր հրետանի ու զինամթերք: