image

Ըստ պաղեստինեան խմբաւորումներուն՝ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է

Ըստ պաղեստինեան խմբաւորումներուն՝ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է

Պաղեստինեան դիմադրութեան խմբաւորումներու համատեղ գրասենեակի ղեկավարութիւնը յայտարարութեամբ մը նախազգուշացուց «Պաղեստինի երկայնքով իրարայաջորդ իրադարձութիւններու զարգացումներու եւ թշնամիին ղեկավարութեան կողմէ իրավիճակներ պարտադրելու փորձէն, պաղեստինցիներու նկատմամբ յանցագործութիւններու աճէն եւ անմեղներու սառնասիրտ սպանութենէն», ընդգծելով, որ այդ կը պահանջէ յատուկ տիպի կոշտ պատասխան:

Յայտարարութիւնը նաեւ կ'ըսէ. «Թող բռնագրաւեալ ղեկավարութիւնը իմանայ, որ մենք կը զգուշացնենք զայն, որ այդ յանցագործութիւններուն շարունակութիւնը պիտի դառնայ կայծակ՝ իրավիճակը պայթեցնելու, որուն պատասխանատուութիւնը թշնամին կը կրէ ամբողջութեամբ»: Նաեւ պաղեստինցիներուն խոստացաւ, որ պիտի մնան թուր եւ վահան անոնց համար եւ թոյլ պիտի չտան, որ բռնագրաւեալը յաղթէ անոնց ՝ առանց իր յարձակման եւ բռնաւրաւման գինը վճարելու: