Քուէյթի Թայմա շրջանին մէջ եղբայր-քրոջ մարդասպանութիւն մը զայրոյթի ալիք բարձրացուցած է մանաւանդ ընկերային համացանցի հարթակներով:
#Թայմայի-ոճիր հաշթակը գրաւած է Քուէյթի Թուիթըրեան էջերը:
Մանրամասնութիւններուն «Արեւելք» կը տեղեկանայ Lebanon24 կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, ոճիրի նախօրէին, Քուէյթի ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է զոհէն, որ կը յայտնէ թէ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Անվտանգութեան աշատակիցները հասած են տուեալ հասցէն, եւ խնդրած զոհի եղբօրմէն, ստուգել արդեօք քոյրը ապահով է: Եղբայրը ներս մտած է, այդ վայրկեանին սպաննած քոյրը ապա ինքզինք յանձնած ոստիկանութեան:
Ոստիկանութիւնը չէ մեկնաբանած եղելութիւնը:
Հանրութենէն շատեր քննադատած են ու շատեր հեգնած ոստիկանութեան աշխատելաձեւը, արդեօ՞ք կարելի է կեանքի սպառնալիքի ահազանգի մը նկատմամբ այսպէս մօտեցում դրսեւորել՝ մօտենալով նոյն ինքը սպառնալիքին եւ խնդրել անոր արտօնութիւնը քրոջը տեսնելուն:
Յիշենք, որ աւելի վաղ «Արեւելք» անդրադարձած էր այլ ընտանեկան ոճիրի մը, որ տեղի ունեցած էր Քուէյթի մայրաքաղաքի մօտակայքը, երբ ամուսին մը սպաննած էր իր կնոջ։