image

Վրաստանի նախագահը հարցաքննութեան կանչուած է

 Վրաստանի նախագահը հարցաքննութեան կանչուած է

Վրաստանի դատախազութիւնը նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին կանչած է հարցաքննութեան՝ հնարաւոր ընտրակեղծիքներու մասին անոր յայտարարութիւններու պատճառով։

«Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի եւ լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատւութեան՝ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին պէտք է ապացոյցներ ունենայ՝ կապուած 2024 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու հնարաւոր կեղծման մասին յայտարարութեան հետ, որու պատճառով ալ Վրաստանի նախագահը վաղը՝ հոկտեմբեր 31-ին հրաւիրուած է քննչական մարմին՝ հարցաքննութեան», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք՝ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին Associated Press-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Վրաստանի ընտրութիւններուն օգտագործուած է «հայկական կարուսել»։

Վրաստանի ԿԸՀ-ն արձագանգած է «հայկական կարուսել»ի մասին Սալոմէ Զուրապիշվիլիի խօսքերուն։

«Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի յայտարարութիւնն այն մասին, թէ հոկտեմբեր 26-ին երկրի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբր օգտագործուած է «հայկական կարուսել», ուղղուած է ընտրութիւններու արդիւնքներու վարկաբեկման, իրականութիւնը չընդունելուն: Նախագահը կը վարկաբեկէ ելեկտրոնային ընտրական ճարտարարուեստը չհիմնաւորուած եւ կեղծ մեղադրանքներով, որ անվստահութիւն առաջացուցած է տեխնոլոգիաների նկատմամբ»,- յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը: