Եթէ ռուսական զօրքերը գրաւեն Տոնպասը անոր վարչական սահմաններուն մէջ, ապա Ուքրանիան խաղաղութեան պայմանագիր պիտի չկնքէ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ։ Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչը։
«Այս պայմաններով խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրուիր, պատերազմը կը շարունակուի», ըսած է Արեսթովիչը։ Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ ղեկավարութիւնը մտադիր է ռազմական գործողութիւններ իրականացնել այնքան ժամանակ, քանի դեռ Տոնպասը չէ ազատագրուած «միլիմեթր առ միլիմեթր»։ Ընդ որում, պատերազմը կրնայ տեւել մինչեւ 2035 թուականը։
«Այս պատերազմը վերջինը չէ Ռուսաստանէն: Ինչպէս Իսրայէլը եւ արաբները հինգ մեծ պատերազմներէ անցան, մինչեւ հասկցան, որ այս մեթոտները չեն աշխատիր, եւ պէտք է անցնիլ ուրիշներուն: Այդպէս պիտի ըլլայ մեզի հետ: Չեմ գիտեր՝ հինգ ռազմական բախում պիտի պահանջուի՞, բայց մինչեւ 2035 թուականը մի քանի ռազմական բախումներ երաշխաւորուած են: Այդ կը նշանակէ բախում իւրաքանչիւր երկու, եւ հնարաւոր է հինգ տարին մէկ, եւ մեծ խոշոր բախումներ իւրաքանչիւր 7֊8 տարին մէկ», ըսած է Արեսթովիչը:
Ան կը կարծէ, որ աւելի լաւ է ուքրանացիները, որոնք պատրաստ չեն մշտական բախումներու, ժամանակաւորապէս լքեն երկիրը։
«Անոնք, որոնք պատրաստ չեն անոր, որոնք հիմա կը գոռան, թէ ինչպէս ապրիլ եւ մեծցնել երեխաները, այլ երկիր տեղափոխուելու կարիք ունին: Այստեղ նոր Իսրայէլ է: Միայն մասշտապները աւելի կտրուկ եւ սարսափելի են: Ով պատրաստ չէ, կայ Սպանիա եւ շատ այլ երկիրներ: Գացէք այնտեղ, եթէ պատրաստ չէք», յաւելած է Արեսթովիչը։