Ես անոնց զգուշացուցած էի. եթէ որեւէ բան պատահի, ամբողջ երկիրը յօդս կը ցնդի։ Ես շատ յստակ հրահանգներ ունիմ. եթէ որեւէ բան պատահի, անոնք կը ջնջուին երկրի երեսէն»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ մեկնաբանելով NewsNation-ի հաղորդավարի պնդումը, որ Իրանը կը սպառնայ Թրամփը։
Ան նաեւ մեղադրած է Ճօ Պայտընը, Թեհրանի նկատմամբ բաւականաչափ կոշտ դիրքորոշում չընդունելու համար։
«Մենք միշտ մտածեր ենք՝ ինչո՞ւ Պայտընը ոչինչ կ՚ըսէ։ Եթէ ես այն ժամանակ Սպիտակ տան մէջ ըլլայի եւ նաոնք սպառնային որեւէ մէկը՝ նոյնիսկ նախագահը, պարզապէս որեւէ մէկը՝ ինչպէս զիս, ես անպայման շատ ուժեղ հարուած կը հասցնէի անոնց», -յայտնած է Թրամփը։
Անցեալ շաբաթ Իրանի Մեճլիսի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը յայտարարած է, որ Իրանը պատրաստ է Թրամփին անմոռանալի դաս տալու, եթէ ան որոշէ յարձակիլ Իսլամական Հանրապետութեան վրայ։