Զահրան Մամտանիի յաղթանակը ոչ միայն քաղաքական շրջադարձ է, այլ նաեւ մշակութային ու բարոյական ուղենիշ․ Նիւ Եորքի բազմազգ համայնքները կը յուսան, որ նոր քաղաքապետը կ՚արտացոլէ քաղաքի իսկական ոգին՝ բաց, համերաշխ եւ արդար հասարակութիւն մը կառուցելու համար։
Նիւ Եորքի նորընտիր քաղաքապետ Զահրան Մամտանին, իր պատմական յաղթանակէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքի բոլոր բնակիչներուն՝ ըսելով թէ կը խոստանայ ապացուցել, որ իրապէս արժանի է իրեն տրուած վստահութեան։
«Նպատակս է Նիւ Եորքը աւելի լաւ դարձնել, քան էր երէկ,— նշեց ան,— մեր յաղթանակը վկայ է այն համոզման, թէ քաղաքականութիւնը այլեւս չի պարտադրուիր մեզ, այլ մենք ենք, որ պիտի ըլլանք անոր հեղինակները»։
Մամտանին բացայայտեց իր վարչական ծրագրի հիմնական ուղղութիւնները՝ առաջնահերթ համարելով
Կենսամակարդակի ճգնաժամի մեղմացումը,
Անվճար հասարակական փոխադրութեան՝ մասնաւորաբար հանրակառքերու ներդրումը։
Երեխաներուն ամբողջական խնամքի հաւասար հասանելիութիւնը։
Նորընտիր քաղաքապետը շեշտեց նաեւ, թէ կը նախատեսէ վերջ դնել այն «կաշառակերութեան մշակոյթ»ին, որ տարիներ շարունակ արտօնած էր միլիարատէրերու՝ ինչպէս նախագահ Թրամփին, հարկերու վճարումէն խուսափիլ եւ պետական արտօնութիւնները շահագործել ի շահ իրենց։
«Նիւ Եորքը այլեւս այն քաղաքը պիտի չըլլայ, ուր իսլամատեացութեամբ կը շահին ընտրութիւններ»,— աւելցուց ան։
«Ես իսլամ եմ, ժողովրդավարական-ընկերվարական մը, եւ կը մերժեմ ներողութիւն խնդրել այս հանգամանքին համար»
Մամտանին, որ յաղթեց հանրապետական Քերթիս Սլիուային եւ անկախ թեկնածու Էնտրու Քումոյին, դարձաւ ԱՄՆ-ի ամենամեծ քաղաքի՝ Նիւ Եորքի, առաջին իսլամ քաղաքապետը։
Զինք շնորհաւորեցին թէ՛ իր մրցակիցները, թէ՛ ազգային յայտնի դեմքեր՝ ինչպէս սենաթոր Պըռնի Սանտըրզ, որ անոր յաղթանակը կոչեց «Ամերիկայի նորագոյն պատմութեան ամենամեծ քաղաքական անակնկալներէն մէկը»։
Ամերիկեան եւ իսրայէլեան մամուլը հաղորդ, որ Մամտանին մեծ աջակցութիւն ստացաւ քաղաքի չքաւոր եւ անօթեւան խաւերէն, ինչպէս նաեւ զգալի թիւով Մովսէսական կրօնքի ընտրողներէն․ ըստ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին՝ անոր օգտին քուէարկած է այդ համայնքի շուրջ 30 տոկոսը։
Մամտանին իր ելոյթին մէջ աւելցուց.
«Եթէ մէկ քաղաք կրնայ ցոյց տալ այն ազգին՝ որուն խաբեց Թրամփը, ապա այդ քաղաքը Նիւ Եորքն է։ Մենք պիտի ապացուցենք, որ արդարութիւնը, հաւասարութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը դեռ կրնան յաղթել այս երկրին մէջ»։