image

Վարժարանի շրջանաւարտները իրենց սիրած վարժարանի կողքին. Այնճարի «Ազգ. Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան»ին հանգանակուած է շուրջ 80.000 ամն տոլար

Վարժարանի շրջանաւարտները իրենց սիրած վարժարանի կողքին. Այնճարի «Ազգ. Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան»ին հանգանակուած է շուրջ 80.000 ամն տոլար

Պայմանաւորուած Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական բարդագոյն վիճակներով, երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ գործող հայկական վարժարանները նոյնպէս կ՚անցնին դժուար ժամանակներէ։

Այս առումով ուշագրաւ է յատկապէս Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ գործող «Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան»ի պարագան, որուն աշխարհատարած շրջանաւարտները օրերս կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած են, հաւաքալով հազարաւոր տոլարներ ի նպաստ վարժարանի կայունութեան եւ առաքելութեան շարունակման։

«Արեւելք»ի տիրապետած տուեալներով անցնող շաբաթներուն վարժարանի շրջանաւարտները յաջողած են հաւաքել 77.500 ամն տոլար, որն ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի վարժարանի պատկան մարմիններուն։

Կը նշուի նաեւ, որ նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի եւ այդ մասին ալ տեղեկութիւնը քաղած ենք վարժարանի խնամակալ մարմնէն, որ այդ մասին հրապարակած է հակիրճ հաղորդագրութիւն մը։

Մեր խորին երախտագիտութիւնը կ՛ուզենք յայտնել բոլոր նուիրատուներուն ինչպէս նաեւ քուլիսներուն ետին աշխատող անդամներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին այս հանգանակութեան արշաւի յաջողութիւնը ապահովելու համար: Ոգեւորիչ է թէ ինչպէս կարողացանք հասնիլ մեր նպատակին՝ ընդամէնը 19 օրերու ընթացքին։

Թէեւ նախատեսուած գումարը արդէն ապահովուած է, մենք տակաւին նուիրատուութիւններ կը շարունակենք ստանալ մեր հաւատաւոր հայրենակիցներէն,

որոնք առատաձեռնօրէն ներդրում կ՛ունենան եւ նուիրատուութեան հարթակը կը մնայ բաց: 

Ձեր ներդրումն ու շարունակական նուիրատուութիւնները դպրոցին հնարաւորութիւն պիտի տան նախատեսուած ծրագիրներ իրականացնելու եւ տարբեր կարիքներ հոգալու։

Մենք կը խոստանանք պարբերաբար ձեզ տեղեակ պահել մեր յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին: 

Շնորհակալութիւն ձեր շարունակական աջակցութեան եւ նուիրատուութեանց։

 

Խնամակալութիւն «Ազգ. Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան Երկ. Վարժարան»-ի