image
Հրատապ լուրեր:

Տոնպասի մէջ .«Իսքանտար» Հրթիռի ճամբով ռուսական կողմը ոչնչացուցած է զէնքի կարեւոր պահեստներ

Տոնպասի մէջ .«Իսքանտար»  Հրթիռի  ճամբով  ռուսական կողմը  ոչնչացուցած է  զէնքի կարեւոր  պահեստներ

Ռուսաստանի զինուած ուժերը Տոնեցքի մարզին մէջ «Իսքանտար» համալիրով ոչնչացուցած են Ուքրանիոյ Զիւնուած ուժերբւ զէնքի երկու մեծ պահեստ: Այս մասին յայտնած է է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Իկոր Քոնաշենքովը::

««Իսքանտար» մարտավարական հրթիռային համակարգը Տոնեցքի մարզի Քամենքա գիւղին մէջ հրթիռային եւ հրետանային զինատեսակներու երկու մեծ պահեստ ոչնչացուած է», ըսած է ան:

Քոնաշենքովը յաւելած է, որ անցեալ օրուայ ընթացքին մարտավարական օդային եւ հրթիռային ուժերը խոցած են Ուքրանիոյ 64 ռազմական կէտ:

«Ընդհանուր առմամբ, յատուկ ռազմական գործողութեան սկզիէն ի վեր ոչնչացուած է 124 ինքնաթիռ եւ 77 ուղղաթիռ, 214 զենիթահրթիռային համակարգ, 321 անօդաչու թռչող սարք, 1752 հրասայլ եւ այլ զրահամեքենայ, համազարկային կրակի 184 համակարգ, 734 դաշտային հրետանիի միջոց եւ ականանետ, ինչպէս նաեւ 1640 միաւոր յատուկ ռազմական սարք», ըսած է Քոնաշենքովը: