image

Թուրքիոյ Ընտրութիւնները 1 Նոյեմբերի՞ն

Թուրքիոյ  Ընտրութիւնները   1  Նոյեմբերի՞ն

Թուրքիա- Մէկէ   աելի  թրքական լրատուամիջոցներ    լուր  հրապարակած են,  Թուրքիոյ  խորհրդարանական  ընտրութեանց թուականին վերաբերեալ: Ըստ  այդ աղբիւրներուն Թուրքիոյ Միլլի Մէճլիսի ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին: Կը  հաղորդուի  նաեւ, որ   այս թուականը  վերջնական չէ եւ այն  ենթակայ է փոփոխութեան: Նշենք, որ  ըստ թուրքիոյ սահմանադրութեան   երբ քաղաքական ուժերը     չկարղանան  օրուան ընթացքին նոր կառավարութիւն մը կազմել այդ պարագային երկրին մէջ կը կայացուին արտահերթ   խորհրրանական ընտրութիւնները: Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը մեծագոյն ջատագովներն են նոր ընտրութիւններ  կայացնելու    առաջարկին եւ անոնց նպատակն է    քրտամէտ    կուսակցութիւնը զրկել խորհրդարան մուտք  գործելու 10 առ հարիւրի  իրաւունքէն: