Թուրքիոյ Այտըն նահանգի Տիտիմ շրջանին մէջ գտնուող մատուռին մէջ 150 տարի անց Մկրտութիւն կատարուած է: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, քրիստոնեայ ասորի զոյգի նորածին զաւակը կնքած է Մարտինի եպիսկոպոս Ֆիլիուքսինոս Սալիպա Օզմէն:
Տիտիմի Ափոլլոնի տաճարի հարեւանութեամբ գտնուող մատուռը վերակառուցուած է վերջերս՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու նախաձեռնութեամբ:
Երեխային ծնողները՝ Լորիս Աճար եւ Էնլիլ Սիմոն Աֆրամ պսակադրուած են երկու տարի առաջ՝ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Ուշագրաւ է, որ այս պատմական եկեղեցւոյ մէջ վերոնշեալ զոյգի պսակադրութիւնը նոյնպէս առաջինն էր վերջին 150 տարուայ ընթացքին: